Լացող աչքերդ Occhi Piangenti di Hrand Nazariantz
Lena Nazaryan moglie di Hrand Nazariantz |
Ես կը սիրեմ աչքերդ աղւոր,Երբոր անոնց մէջ թաքթաքուր
Արցունքներ կան ջինջ, սըգաւոր,
Ա՜հ, միշտ լալով ինծի՛ եկուր։
Թարթիչներուդ շուքին տակէն
Փոքր արցունքներ աներեւոյթ
Բիբիդ լոյսը կը պրիսմակեն.
Զիս կը սպաննե՜ն աչքերդ կապոյտ։
Ա՜հ, այս ոսին սիրտիս վըրայ
Ուղղէ՛ քուկին աչքերդ աղւոր,
Ուր արցունքին ցօղը կ՛իջնայ
Մըխիթարիչ ու սգաւոր…
Ա՜հ, միշտ լալով ինծի՛ եկուր։
Թարթիչներուդ շուքին տակէն
Փոքր արցունքներ աներեւոյթ
Բիբիդ լոյսը կը պրիսմակեն.
Զիս կը սպաննե՜ն աչքերդ կապոյտ։
Ա՜հ, այս ոսին սիրտիս վըրայ
Ուղղէ՛ քուկին աչքերդ աղւոր,
Ուր արցունքին ցօղը կ՛իջնայ
Մըխիթարիչ ու սգաւոր…
Commenti