Etichette

Mostra di più

La morte delle Rose di Hrand Nazariantz



Վարդերուն Մահը 

Լուռ գիրքերուս էջերուն մէջ,
Մինաւորիկ, սիրական,
Իրենց բոյրովը թարշամած
Վարդի գողտրիկ թերթեր կան։

Սիրոյ քանի՜ վարդ, ո՛վ աղջիկ,
Քեզ ձօնեցին, ցանուցի՜ր,
Մոռացութեան մըթին գրքին
Մէջ ամէ՛նքն ալ ցանեցիր։

Ծարաւահի՜ւծ վարդերն, անգո՛ւթ,
Դիտէ՛ երբեմն գոնէ,
Անոնք մեռան՝ պաղատելով
Փոքրիկ համբոյր մը քենէ…

Commenti